27/04/2020 13:00
Մարդը և գործը. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամյանի խոսքը ազգային բարերար Ասո Օ. Թավիթյանի հիշատակին
Վատիկանում Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ, Արեւմտյան Եվրոպայի Հայրապետական Պատվիրակ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամյանի խոսքը ազգային բարերար Ասո Օ. Թավիթյանի հիշատակին.
«Տէր, սերունդէ սերունդ մեր ապաւէնը եղար։ Դուն կայիր, երբ դեռ չէին հաստատուած լեռները եւ չէին ստեղծուած երկիրն ու ողջ տիեզերքը, ։....Մեզի ցոյց տուր որ ինչպէս հաշուենք մեր օրերը, որպէս զի մենք իմաստուն սիրտ ունենանք։.... Տիրոջ լոյսը թող մեր վրան իջնէ, ուղղէ մեր ձեռքի գործերը, Տէր, մեր ձեռքի գործերը յաջողցուր մեզի”։ (Սաղմոս 90:1-17)
Սաղմոսաց գիրքի այս խօսքերը գրուած են իբրեւ աղօթք Մովսէս Մարգարէի կողմէ։ Մարգարէն՝ որ ապրեցաւ երկար ու արժանապատիւ տարիներ՝ որոնց ընթացքին ան ականատես եղաւ շատ ու շատ իրադարձութիւններու։ Անձ մը՝ որ իր կեանքի ընթացքին տարբեր դերեր ստանձնեց, ու արձանագրեց մեծագոյն յաջողութիւններ, դերեւս մարդկային կեանքի մեծագոյն իրագործումները, սակայն որեւէ մէկ պահուն ան չմոռցաւ որ կայ Մէկը՝ որ ամենէն հզօրն է։ Մարդ արարածը ժամանակաւոր է բայց Աստուած յաւիտենական։
Մովսէս Մարգարէի այս ոգին, բարձրաձայն կամ լռելեայն, դարերու ընթացքին Հայ Եկեղեցւոյ բազում արժանաւոր զաւակներուն աղօթքը եղաւ ուղղուած առ Տէրը. «Թող իմ ձեռքերը կատարեն Քու գործերդ ով Տէր»: Այս աղօթքի արտասանութիւնը մարդկային իմաստութեան ամենէն խորունկ արտայայտութիւնն է, ու նաեւ աղբիւրը՝ մարդու ներաշխարհի խաղաղութեան՝ որ հիմնքն է հարազատ երջանկութեան։
Կը յիշեմ մեծն Մովսէս Մարգարէի աղօթքը արձանագրուած Աստուածաշունչի Սաղմոսաց գիրքին մէջ՝ երբ սիրով ու յարգանքով կանգնած եմ յիշատակին առջեւ բացառիկ հայ մարդու մը՝ Ասօ (Աստուր) Դաւիթեանի, որ իմ շատ մօտիկ բարեկամս եղած է։ Հանգուցեալ Ասոն ապշեցնող բազում իրականացումներ եւ ձեռքբերումներ յաջողցուցած էր։ Անձ մը՝ որ գիտէր ու կը հաւատար թէ Աստուած մարդուն անսահման կարելիութիւններ շնորհած է։ Աշխատանքով, յարատեւութեամբ, հաւատքով ու լաւատեսութեամբ կարելի է իրականացնել այն բոլորը՝ որ երբեմն անհաւատ եւ յուսախաբ անձի մը համար անկարելի կը թուի։ Այս հաւատքով ու համոզումով Տիար Դաւիթեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին մեծ ու բազմաթիւ յաջողութիւններ իրագործեց՝ ի նպաստ իր հարազատներուն, բարեկամներուն, գործակիցներուն, Հայ Եկեղեցւոյ, Հայոց Հայրենիքին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն ու ընդհանրապէս մարդկութեան։ Ասոն ամբողջապէս Հայ էր ու միեւնոյն ժամանակ համամարդկային անձ մը։
Ասօ Դաւիթեանի կեանքը շատ հետաքրքրական ու մասնաւորապէս դաստիարակիչ էերիտասարդ սերունդին համար։ Մօտաւորապէս 18 տարիներ առաջ ծանօթացայ Ասոյին։ Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի օրուան լուսարարապետ Տէր Մարտիրոս Քհնյ. Չեւեան անոր մասին խօսեցաւ ինծի։ Զինք Առաջնորդարան հրաւիրեցի ու Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ կէսօրուան ճաշի ընթացքին բախտը ունեցայ մօտէն ծանօթանալու այս բացարիկ անձնաւորութեան հետ։ Մեր ջերմ ու մտերմիկ խօսակցութեան ընթացքին զգացի թէ ինչպիսի իմաստուն, կարող եւ սակայն համեստ անձ մըն է։ Խօսեցանք Հայաստանի, Հայ Եկեղեցւոյ ու երիտասարդութեան մասին։ Խօսեցանք հոգեւոր, քաղաքական, արուեստի ու դասական երաժշտութեան մասին։ Տեսայ թէ իր գիտութիւնը, հասկացողութիւնն ու հետաքրքրութիւնը ոչ թէ միայն հայկական՝ այլ ընդհանուր է։ Իր մէջ կար աւանդականը՝ բայց նաեւ մեծ հետաքրքութիւն՝ արդիական մօտեցումներու։ Հարցերը քննարկելու ու վերլուծելու իր մօտեցումները շատ առողջ եւ առարկայական էին։ Ասոն պատմեց նաեւ իր ծնողներուն, իր երիտասարդութեան, Պէյրութի եւ Նիւ Եորքի մէջ իր ուսանողական շրջանին մասին։ Յուզումով խօսեցաւ Պէյրութի մէջ իր Անգլերէն լեզուի ուսուցիչ Անթոն Քէհեաեանի, որ ծանօթ էր ամէնուն որպէս Sir. Ըսաւ թէ առանց իր գիտութեան Sir-ը հոգացած էր իր ուսումնական ծախսերը։ Լիբանանէն դէպի Ամերիկա նախքան իր ճամբորդութիւնը, բախտով ան տեղեկացած էր այս գաղտնիքի մասին եւ խոստացած էր որ երբ իրեն կարելիութիւնը ընծայուի՝ անպայման պիտի օգնէ կարօտ ուսանողներու։
Առաջնորդարանի մէջ մեր այս առաաջին հանդիպումը բացաւ ճանապարհը բազում հանդիպումներու, որոնց ընթացքին մենք աւելի մտերմացանք։ Առիթներ եղան, տարբեր ծրագրերով միասին ճամբորդելու՝ Հայաստան, Երուսաղէմ, Հռոմ եւ Սուրբ Ղազար Վենետիկ։ Զանազան էին իր հետաքրքրութիւնները։ Երաժշտութեան եւ մասնաւորապէս դասական երաժշտութեան մեծ ճաշակ ունէր։ Արուեստի սիրահար էր ու բարձր ճաշակով ներկայացուած բազմաթիւ իւղանկարներու եւ արուեստի այլ գործերու հաւաքածոյ ունէր։ Նիւ Եորքի եւ Սթաքպրիճի իր բնակարանները կարծէք մէկական թանգարաններ ըլլային։ Քաղաքականութեան խոր հասկացողութիւն ունէր։ Պէյրութի մէջ իր կատարած խոստումը չմոռցաւ։ «Դաւիթեան Հիմնադրամ»ի միջոցաւ օգտակար եղաւ շատ ու շատ ուսանողներու։ Այս Հիմնադրամով աւելի քան 300 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ առիթը ունեցան իրենց ուսումը շարունակելու Թաֆթ Համալսարանի Fletcher School of Law and Diplomacy-ի ծրագրին։ Ես բախտը ունեցայ հանդիպելու եւ ծանօթանալու այս երիտասարդներէն շատերուն։ Այսօր, առողջ մտացող, խելացի ու բացարիկ կարողութիւններ ունեցող ղեկավարներն են անոնք եւ իրենց ծառայութիւնը ի սպաս կը դնեն Մայր Հայրենիքի պայծառութեան ի նպաստ:
Ասօ Դաւիթեանի հոգիին մէջ ես տեսայ նաեւ իսկական հայու տիպարը՝ հոգեւոր եւ ազգային իմաստով։ Նուիրուած էր Հայաստանին եւ ամէն միջոցաւ պատրաստ էր աջակցելու իր Հայրենիքին: Ան նաեւ խոր գիտակցութիւնը ունէր Հայ եկեղեցւոյ անցեալի, այսօրուան եւ ապագայի կարեւոր առաքելութեան։ Իր շատ սերտ ու մտերմիկ կապն ու յարաբերութիւնը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Գարեգին Բ. Հայրապետի հետ ցոյց կու տար թէ որքան կը գնահատէր Հայ եկեղեցւոյ կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքէն ներս: Պատրաստ էր ամէն գնով զօրակցելու Վեհափառ Հայրապետին՝ որպէսզի Հայ Եկեղեցին ու Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առաւել զօրանայ։
Վերջին անգամ՝ իմ շատ յարգելի ու սիրելի բարեկամ Ասոն տեսայ Նիւ Եորքի իր բնակարանին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացած էի Ասոյին տունը՝ մի քանի այլ ազգային ղեկավարներու հետ խորհրդակցելու համար Ասոյին առաջադրած “Հայ եկեղեցին 21րդ դարուն” ծրագրին, որու ղեկավարութիւնը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի փափաքով Ասոն սիրով ստանձնած էր։
Շաբաթը երբեմն քանի մը անգամ հեռաձայնով կը խօսէինք։ Մօտաւորապէս վեց ամիս առաջ հեռաձայնեց ու տեղեկացուց որ քաղցկեղի հիւանդութիւն ունի։ Լուրը մտահոգիչ էր՝ բայց իր տրամադրութիւնը բարձր ու լաւատես։
Ասոյի մահուընէն երեք օր առաջ երբ իրեն հետ կը խօսէի՝ յիշեցուցի Սուրբ Վարդան Մայր Տաճարի մէջ 2011 թուականի Զատկուան պատարագը ու տօնախմբութիւնը։ Իրեն ըսի թէ ինչպէս պատարագի աւարտին միասին Մայր Տաճարի շրջափակէն 12 աղաւնիներ արձակեցինք իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի Յարութեան եւ կեանքի յաւիտենականութեան։ Ժպտելով ան պատասխանեց ու ըսաւ. “Սրբազան դարձեալ պիտի ընենք”: Վստահաբար Ասոն կը հաւատար հոգիներու անմահութեան ու գիտակից էր որ հոգեկան կապն ու մարդկային սէրն ու յարգանքը շարունակական ու յաւիտենական են։
Հիմա Ասոն ֆիզիքապէս հեռացած է այս աշխարհէն, բայց ի զօրու են այն ձեռքերը՝ որոնք կատարեցին Աստուծոյ գործերը։ Այն բոլոր բարի, ազնիւ, գեղեցիկ ու ազգօգուտ գործերը՝ որոնք Ասոն կեանքի կոչեց օրինակ պիտի հանդիսանան բոլորին եւ մանաւանդ երիտասարդներուն։
Բախտաւոր կը զգամ որ Ասօ Դաւիթեանը ճանչցայ։ Ասոն եւ իրեն նման անձերու ծանօթանալով ու բարեկամանալով ինծի համար աւելի յստակ կը դառնայ մեր կեանքէն ներս Աստուծոյ ներգործութիւնը։
Խաժակ Արք. Պարսամեան
Հայրապետական Պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ներկայացուցիչ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ