10/05/2024 22:42
Հունահայոց Ազգային Առաջնորդարանը, Հայ Կաթողիկե Եկեղեցին, Հունաստանում գործող մի շարք կազմակերպություններ իրենց զորակցությունն են հայտնել Հանուն հայրենիքի շարժմանը
Հունահայոց Ազգային Առաջնորդարանը, Հայ Կաթողիկե Եկեղեցին, մի շարք կազմակերպություններ իրենց զորակցությունն են հայտնել Հանուն հայրենիքի շարժմանը։
Հայտարարությունը՝ ստորև․
«Օրերէ ի վեր բոլորս անձկութեամբ կը հետեւինք մեր հայրենիքի մէջ կատարուող դէպքերուն, խոր մտահոգութեամբ լսելով սահմանազատման գործընթացի մասին։ Ինչպէս յայտնի է, Տաւուշի մարզի չորս սահմանամերձ գիւղերու Ատրպէյճանին յանձնելու քայլերը ցոյց կուտան, թէ անվերապահ յանձնուողականութեան քաղաքականութիւն որդեգրուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, ընկրկելով ատրպէյճանական ճնշումներուն ու սպառնալիքներուն առջեւ։
Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի գլխաւորութեամբ «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» լոզունգով թափ առած շարժումը, ուղղակի մերժումն է ժողովուրդին կողմէ՝ իր հաշւոյն առնուող որոշումներուն։ Երբ ժողովուրդը ոտքի կը կանգնի, այդ կ՚ընէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ ամբողջ հայութեան արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար։
Արցախի յանձնումէն ու հայաթափումէն ետք, ազգովին տեսանք թէ միակողմանի զիջումները միայն թուլացում բերին Հայաստանին եւ երկրի սահմաններուն, մինչդեռ Ատրպէյճանը գրաւման տակ կը պահէ Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքները, իր ախորժակները սրելով եւ բացայայտօրէն խօսելով իր յարձակողապաշտ նպատակներուն մասին։
Այս ճակատագրական հանգրուանին մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր ջանքերուն, որոնք նպատակ ունին մեր արժէքները պաշտպանելու, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու եւ ազգային մեր միասնականութիւնը ամրապնդելու։
Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Յունաստանի հայոց Ազգային վարչութիւն
Կրօնական Ժողով
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբ
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն եւ սկաուտական կազմեր
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչ
Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչ
Յունաստանի Համազգային հայ մշակութային միութիւն»։